2013-03-30 10:33:58

Սուրբ Զատկուայ Առթիւ Սուրբ Պետրոս Հրապարակը Զարդարուած`Հոլանտական Ծաղիկներով։


Սուրբ Զատկուայ տօնին արարողութեան առթիւ, յառաջիկայ 31 մարտին, Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի վրայ պիտի զետեղուին Հոլանտական ծաղիկներ, վարդեր եւ բոյսեր։ Աւանդութիւն մը որ սկիզբ առած է 1985 թուականին երբ Հոլանտացի ծաղկավաճառ` Նիք վան Տէր Մուր-էն խնդրուեցաւ Հռոմ ժամանել ու զարդարել սուրբ Պետրիոսի Հրապարակը, Հոլանտացի վարդապետ` Թիթուս Պրանտէզմայի երանացման արարողութեան առթիւ։ Այն ժամանակ է որ համաձայնութիւն մը կնքուեցաւ 1986-ի Սուրբ Զատկուայ արարողութիւններու ծաղիկներու զարդարանքը յանձնելու Հոլանտայի ծաղկավաճառներուն։ Եւ այդ թուականէն ասդին սոյն աւանդութիւնը կը շարունակուի տարիէ տարի։
Յովհաննէս Պօղոս Բ. երջանկայիշատակ Քահանայապետը իր Հոլանտական լեզուով ''Bedankt voor de Bloemen !'' արտասանած նախադասութեամբ - այսինքն շնորհակալ եմ ծաղիկներուն համար - շնորհակալութիւն յայտնած էր հոլանտացիներուն։ Խօսք մը որ կը կրկնուի տարիէ տարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.